Bible

Engage

Your Congregation Like Never Before

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Peter 3

:
Armenian - 2019
1 Դուք ալ, կինե՛ր, հնազանդ եղէք ձերամուսիններուն, որպէսզի նոյնիսկ եթէ ձեր ամուսիններէն ոմանք Աստուծոյ խօսքին հաւատացող չեն՝ հաւատքի գան առանց խօսքի,
2 պարզապէս դիտելով կիներուդ ընթացքը, ձեր պարկեշտ եւ երկիւղած կենցաղը։
3 Ձեր զարդը արտաքին թող չըլլայ, ո՛չ մազերուն յարդարանքը, ո՛չ ոսկեղէնները եւ ո՛չ ալ զարդարուն հագուստները,
4 այլ՝ սրտին մէջ ծածկուած, հեզ եւ խաղաղ հոգիի մը անկորնչելի գեղեցկութիւնը. եւ ա՛յդ է թանկագինը Աստուծոյ համար։
5 Որովհետեւ անցեալին ալ, Աստուծոյ յուսացող հաւատացեալ կիները իրենք զիրենք այդպէս կը զարդարէին՝ իրենց ամուսիններուն հնազանդելով,
6 ինչպէս Սառա Աբրահամի կը հնազանդէր՝ զայն «տէր» կոչելով։ Դուք Սառայի դուստրերը եղած կ՚ըլլաք՝ եթէ բարիք ընէք ուրիշներուն եւ ոեւէ բանէ չվախնաք ու չխռովիք։
7 Իսկ դուք, այրե՛ր, իմաստութեամբ ապրեցէք ձեր կիներուն հետ, պատուելով զանոնք՝ իրենց տկար բնութեան համար, քանի անոնք եւս մեզի հետ պիտի ժառանգեն կեանքիպարգեւը, որ Աստուած պիտի տայ։ Այդպիսով ոեւէ բան պիտի չխանգարէ ձեր աղօթքները։
8 Ի վերջոյ, ամէնքդ ալ իրարու համախոհ եղէք, ուրախակից եւ ցաւակից իրարու, եղբայրասէր, բարեգութ, խոնարհամիտ։
9 Չարին փոխարէն չար մի՛ հատուցանէք, ոչ ալ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք. ընդհակառակը՝ օրհնեցէ՛ք. Աստուած ատոր համար կանչեց ձեզ, որպէսզի դուք ալ օրհնութիւն ժառանգէք։
10 Որովհետեւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Ով որ կ՚ուզէ կեանքը սիրել եւ բարի օրեր տեսնել, թող իր լեզուն պահէ եւ չարութիւն չխօսի, թող իր շրթները փակէ եւ նենգութիւն չխորհի.
11 թող չարէն հեռանայ եւ բարիք գործէ, թող խաղաղութիւն կամենայ ու զայն հետապնդէ։
12 Որովհետեւ Տիրոջ աչքերը արդարներուն վրայ կը հսկեն եւ ականջները պատրաստ են անոնց աղօթքները լսելու։ Բայց Տէրը հակառակ է չարագործներուն»։
13 Ո՞վ ձեզի չարիք կը հասցնէ, եթէ դուք բարին գործելու նախանձախնդիր ըլլաք։
14 Բայց նոյնիսկ եթէ արդարութեան համար չարչարուիք, երանելի էք։ Յիշեցէ՛ք մարգարէին խօսքը. «Անոնց ահէն մի՛ վախնաք եւ մի՛ խռովիք,
15 այլ Տէրը նոյնինքն՝ Քրիստոսը փառաւորեցէք» ձեր սիրտերուն մէջ, եւ միշտ պատրաստ եղէք հեզութեամբ եւ երկիւղածութեամբ պատասխան տալու բոլոր անոնց՝ որոնք բացատրութիւն կ՚ուզեն ձեր ունեցած յոյսին մասին։
16 Թող ձեր խղճմտանքը մաքուր ըլլայ, որպէսզի ամօթով մնան անոնք՝ որ ձեր մասին կը չարախօսեն, ձեր քրիստոնէական բարի կենցաղը բամբասելով։
17 Որովհետեւ աւելի լաւ է բարիք գործելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը ատիկա է, քան թէ չարիք գործելով։
18 Քրիստոս ալ, մէկանգամուանհամարչարչարուեցաւ մեր մեղքերուն համար, արդարը՝ մեղաւորներուս համար, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ։ Եւ թէպէտ մեռաւ մարմինով, բայց կենդանի մնաց հոգիով։
19 Եւ հոգիով ալ՝ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն,
20 որոնք ատենօք չհնազանդեցան Աստուծոյ, երբ անիկա ներողամտութեամբ կը համբերէր։ Կ՚ակնարկեմ Նոյի օրերուն, երբ անիկա տապանը կը շինէր, որով շատ քիչեր, միայն ութը հոգի ազատեցան ջուրէն։
21 Ատոր ճշմարիտ պատկերն է այժմ մկրտութիւնը, որ ձեզ կը փրկէ՝ ո՛չ թէ մարմնական աղտը սրբելով, այլ՝ մարդս մաքուր խղճմտանքով Աստուծոյ ընծայելով, Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբը,
22 որ երկինք երթալով Աստուծոյ աջակողմը նստաւ, իր իշխանութեան հնազանդեցնելով հրեշտակները եւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու զօրութիւնները։